2016-06-13 10:07:00

Ուժգին պայթում մը ցնցեց Վերտանը` թիրախ դարձնելով «Պլոմ» դրամատունը


Կիրակի , 12 յունիսին  ՝երեկոյեան ժամը 8:00-ին,  ուժգին պայթում մը ցնցեց մայրաքաղաք Պէյրութը, երբ Վերտան-Զարիֆ շրջանին մէջ գտնուող «Պլոմ» դրամատան կեդրոնը ականահարումի թիրախ դարձաւ:

Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը անմիջապէս փութացին դէպքին վայրը եւ իսկոյն ականահարուած տարածքը շրջափակեցին` ճշդելու համար պայթումին տեսակը:

Ապա ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս ուղղուեցաւ պայթումին վայրը, ուր ան հաստատեց, որ ականը, որ մօտ 15 քկ. պայթուցիկ նիւթ կը կշռէր, զետեղուած էր «Պլոմ» դրամատան պատին կից գտնուող ծաղկամանի մը մէջ:

Ան նշեց, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը կը շարունակեն հետաքննութիւնը:

Պասպուս նկատել տուաւ, որ ապահովութեան ուժերն ու բանակը տնտեսական եւ զբօսաշրջական բոլոր վայրերուն ապահովական կայունութեան կը հսկեն ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր իր կարգին այցելեց դէպքին վայրը: Ան նախապէս ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին յանձնած էր պայթումին վերաբերեալ հետաքննութիւն կատարելու պարտականութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.